2014-08-01 11:11:26

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը Ալպանիա` ''օրինակելի տիպար կրօնական համակեցութեան''


Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Թիրանա կատարելիք այցելութիւնը յառաջիկայ 21 Սեպտեմբեր 2014։
Թիրանա թեմի առաջնորդը`արքեպիսկոպոս Մարիան Փալոքա խօսելով Սրբազան Հօր առաքելական ճամբորդութեան մասին ըսաւ. Մեր փոքրաթիւ Եկեղեցին միշտ գորովով իր հայեացքը ուղղած է Հռոմի Եկեղեցւոյ ու ապրած ընդհանրականութեան կոչումը, նոյնիսկ համայնավարութեան անողորմ տարիներուն, երբ եկեղեցին կը նկատուէր հայրենիքի թշնամին։ Ուրախ ենք որ ս. Պետրոսի յաջորդը մեզի կու գայ հաւատքի մէջ հաստատելու եւ մեծարելու հաւատքի մեր մարտիրոսները։ Մեր ժողովուրդը` հաւատացեալ թէ ոչ, մեծապէս կը գնահատէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։
Թիրանայի առաջնորդը խօսելով երկրի չորս համայնքներու մասին` մահմետական սիւննի, օրթոտոքս, կաթողիկէ եւ պեքդաշի մահմետական ըսաւ. աստուածամերժ համայնավար վարչութիւնը սատարեց երկրի չորս համայնքներու կապերու ամրապնդումին։ Արդարեւ համայնավարութեան անկումէն ետք չորս համայնքները միասնաբար կը համագործակցին ընկերութեան բարրօրութեան։ Ալպանիան` կարելի է նկատել օրինակելի տիպար մը կրօնական համակեցութեան։ Ալպանացիները, դարերու հոլովոյթին, սորվեցան թէ կարելի է հաւատարիմ ըլլալ անձնական կրօնին յարգելով ուրիշին կրօնը։ Կարելի չէ հաճելի դառնալ Աստուծոյ բռնաբարելով եղբօրը իրաւունքը։ Հետեւաբար Սրբազան Հայրը Ալպանիայի մէջ պիտի գտնէ կրօններու միջեւ խաղաղ համակեցութեան օրինակելի տիպար մը։
Գերապայծառ Փալոքա անդրադառնալով Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի 21 տարի առաջ Ալպանիա կատարած այցելութեան մասին ըսաւ. Անիկա եղաւ ցոլք մը համայն ազգին վրայ։ Ան վերակազմակերպեց նուիրապետութիւնը եւ օծեց առաջին չորս եպիսկոպոսները, որոնցմէ մէկը ես էի։ Այս երկու տասնամեակներուն Ալպանիայի եկեղեցին բարեփոխուեցաւ։ Ունինք բնիկ կղեր։ Ունինք յանձնառու աշխարհականներ որոնք կը գործեն ընկերութեան ու եկեղեցւոյ մէջ։
Որպէս եկեղեցի` ընկերութեան կը մատուցանենք բազմաթիւ ծառայութիւններ ընկերային գետնի վրայ։ Մեր ընկերութիւնը եւս փոխուեցաւ սակայն կարգ մը մարտահրաւէրներ կը մնան, ինչպէս. կաշառառութիւնը, աղքատութիւնը, գործազրկումը, կազմակերպուած ոճրագործութիւնը եւ արդարութիւնը։
Թիրանիայի այցելութեամբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր անդրանիկ այցելութիւնը կը կատարէ Եւրոպայի։ Հետեւաբար ''կարե՞լի է ըսել որ Քահանայապետը կը սկսի Եւրոպայի մէկ արուարձանէ մը'' հարցումին պատասխանելով, գերապայծառ Փալոքա ըսաւ. եթէ կեդրոնի մասին խօսելով կը հասկնանք նիւթական բարրօրութիւնը. տեղին է դիտողութիւնը։ Ալպանիա Եւրոպայի մէկ արուարձաններէն մէկն է, սակայն մեր երկիրը շատ մը արժէքներով հարուստ է։ Ունինք Եւրոպայի ամենէն երիտասարդ բնակչութիւնը, ընտանեկան հաստատութիւնը ամուր է, տարեցները յարգուած ու խնամուած են։ Ունինք կրօնական ու ընկերային խաղաղ համակեցութիւն։
Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է. ''Աստուծոյ հետ միասին, դէպի ոչ վհատող յոյս''։ Այս բնաբանը, ըսաւ Թիրանայի առաջնորդը իր խօսքը եզրափակելով, կ'ուզէ ներկայացնել քրիստոնեայ ժողովուրդը որ յարութիւն կ'առնէ մարտիրոսներու արիւնով եւ կը շարունակէ հպարտութեամբ ընթանալ խաչին ետեւէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.